ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՎԵՐՋ ՏԱԼՈՒ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, յիշեալ խորհուրդներու վերին մարմիններուն անունով, միասնական կոչ ուղղեցին կարելի փութով վերջ տալու Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։
 
Արդարեւ, Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) արտաքին յարաբերութեանց եւ ապահովութեան խորհուրդի պետ Ժոզէփ Պորէլլ Ֆոնթէլէսի ուղղած իրենց նամակին մէջ, վերոյիշեալ երկու եկեղեցական խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարները անդրադառնալով Արցախի հայութեան դիմագրաւած ներկայ ահաւոր պայմաններուն՝ կը շեշտեն, թէ Ազրպէյճան անսալով միջազգային արդարութեան դատարանին եւ միջազգային կառոյցներու որոշումներուն, անհրաժեշտ քայլերու դիմէ, նախ Արցախի շրջափակուը դադրեցնելու եւ ապա քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով բարւոք լուծում մը տալու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող առկախ հարցերուն, ինչպէս նաեւ յարգելու Արցախի հայութեան անկախութեան եւ մարդկային իրաւունքները։
 
Յայտնենք, որ թէ՛ Ե.Հ.Խ.ը եւ թէ՛ Ե.Ե.Խ.ը անցնող ամիսներուն Արցախի գծով նման յայտարարութիւններ կատարած էին։