Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիաքին ներկայացուցիչ եւ Պալամանտ համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէնը Հայր Ժագ Խալիլը: Հանդիպումին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Դպրեվանքի ու Պալամանտ համալսարանի միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նորին Ս. Օծութիւնը ընդունեց նաեւ ԹՈՒՄՈ ստեղծարար ճարտարագիտութեանց միջազգային կեդրոնի (TUMO Center for Creative Technologies) հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանը, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ եւ աղջկան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ակնարկ մը նետելու ԹՈՒՄՈ կեդրոնին գործունէութեան, ինչպէս նաեւ նման կեդրոն մը Լիբանանի մէջ հաստատելու կարելութիւններուն: