Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեամբ ՙՎանականութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ՚ միջազգային համագումար Աւստրիոյ մէջ

14-17 Ապրիլ 2013, Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքի համալսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ՙՎանական կեանքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՚ միջազգային համագումարը, որուն կազմակերպութեան մէջ գործակցած էին Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:   Համագումարը սկսաւ Կիրակի, 14 Ապրիլին, Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ կատարուած պենետիքթեան երեկոյեան ժամերգութեամբ:   Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ, համագումարը դասախօսութիւններով եւ քննարկումներով…

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի ժողով

Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ-Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-Քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքի, Ասորի Եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 11 նշանակած Մնայուն Յանձնախումբի միօրեայ ժողովը:         Ժողովին մասնակցեցան Մնայուն Յանձնախումբի անդամները՝ Պիշոյ Արքեպիսկոպոս եւ Թովմաս Արքեպիսկոպոս՝ Ղպտի Եկեղեցիէն,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի ժողովին

Կազմակերպութեամբ Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումին, 8-9 Ապրիլ 2013-ին, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած ժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:     Ժողովի ընթացքին անդրադարձ եղաւ քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակին եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Ժողովականները կարեւորութեամբ շեշտեցին միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւններու ճամբով իրենց միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մ.Ա.Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան ժողով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի 8 եւ 9 Ապրիլ 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան տարեկան ժողովը։ Երեսուն հոգիներէ բաղկացած սոյն ժողովին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Յայտնենք, որ Խորհուրդին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները։   Գործադիր Վարչութիւնը յաջորդաբար քննեց վարչական, տնտեսական ու ծրագրային բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։ Յատուկ քննութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ի գահակալութեան

Քէնթըրպըրիի նորընտիր Արք.ին գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օրեր առաջ, Քէնթըրպըրիի (Անգլիա) մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պետական թէ կրօնական անձնաւորութիւններ:    Գահակալութեան արարողութեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ եղաւ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը: Սրբազանը, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ նորընտիր Արք.ին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթին: Յաջորդ օրը, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր Արք.ը ու անոր փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը կը շնորհաւորէ Ֆրանսիս Ա. Պապը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւնը՝ յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեանի, Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին դիմաց,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Սրբազան քահանայապետը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք յատուկ նամակ ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ան իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէր եւ կը խնդրէր որ իր աղօթքներուն մէջ յիշէ զինք: Նոյն նամակին մէջ Ֆրանսիս Ա. Պապը տեղեակ կը պահէր, թէ իր գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 19 Մարտին:   Յայտնենք, որ նոյն օրը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը մտերմիկ հանդիպում կ’ունենայ Ֆրանսիս Պապին հետ

Ն.Ս. Ֆրանսիս Քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան ժամանեց Կիրակի, 17 Մարտ 2013-ին եւ իջեւանեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու Ս. Մարթա հիւրանոցին մէջ, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս կ’ապրի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պապը։   Իրիկուան ժամը 8.00ին, Նարեկ Սրբազան բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ Պապին սեղանակից դառնալու՝…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը մարդկային իրաւունքներու նուիրուած Պէյրութի համագումարին

Երկուշաբթի, 11 Մարտ  2013, Պէյրութի  մէջ, Միջին  Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու քննարկման եւ պաշտպանութեան նուիրուած համագումար մը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Երէցկին Մանիա Միսիրեան:   Համագումարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՄԱԵԽ-ի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքի Տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Խտըշեան:   Համագումարին ներկայ գտնուեցան պետական…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Եթովպիոյ նոր Պատրիարքին գահակալութեան

Կիրակի 3 Մարտ 2013, Ատիս Ապապայի Ս. Երրորդութիւն Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ս. Ապունա Մաթիասի գահակալութիւնը:             Հայ Եկեղեցին իր երկու հայրապետական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս արարողութեան: Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան (Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան (Առաջնորդ Եգիպտոսի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը նախագահէ Մ.Ա.Ե.Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին

Երեքշաբթի կէսօրէ ետք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ ապրող անդամներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Փօլ Եուհաննա եպս. եւ բարձարաստիճան այլ պաշտօնեաներ:   Յիշեալ բացառիկ նիստին օրակարգի գլխաւոր հարցերն էին նոր ընդհ. քարտուղարի ընտրութեան գործընթացի ճշդում, Խորհուրդի տնտեսական ներկայ կացութեան արժեւորում, Սուրիոյ գաղթականներուն օգնութիւն,…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան տասներորդ ժողովին

22-27 Յունուար 2013, Վատիկանի մէջ, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ ժողովը:              Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ.…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի ՙԵկեղեցւոյ Միութեան Շաբթուան՚ արարողութիւններուն

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ երկար տարիներէ ի վեր Յունուար ամսուան վերջին շաբաթը նուիրուած է եկեղեցւոյ միութեան: Այս շաբթուայ ընթացքին աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի կ’ունենան յատուկ արարողութիւններ, դասախօսութիւններ ու զանազան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կարեւորութեամբ կր շեշտուի եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:   Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 20 Յունուար 2013-ին, Պէյրութի ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի…