28 March, 2024

ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐԸ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Աւագ Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2024-ին, տեղի ունեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Կարգ Չարչարանացը (Խաւարման Գիշեր)։

 

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն խուռներամ ներկայութեամբ՝ աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընրթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները։

 

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականին երգեցողութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։