Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատկերացումը փոխանցեց իրեն այցելած միջ-քրիստոնէական գործակցութիւն ստեղծելու կոչուած համախմբումին: Այս վերջինը եկած էր ունենալու Նորին Սրբութեան տեսակէտը քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ զանազան մարզերէն ներս միացեալ աշխատանքի նախաձեռնելու գծով: Հիւրերը նախ ներկայացուցին ցարդ կատարած իրենց աշխատանքին արդիւնքը՝ կրթական, ընկերային, երիտասարդական, երկրագործական ու տեղեկատուական մարզերէն ներս:
Լսելէ ետք ներկաներուն կատարուած աշխատանքը եւ իմանալէ ետք անոնց մօտեցումները, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հրամայական անհրաժեշտութիւնը ներքին գործակցութեան ճամբով քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու: Ան ըսաւ, թէ միութիւնը տեսութիւն չէ, այլ կեանքի իրականութիւն է, որ ինքզինք պէտք է արտայայտէ գործնական միջոցներով: Ընդհանուր գիծերով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ միութեան եւ այս ուղղութեամբ կատարուած նախաձեռնութիւններուն, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս թարգմանելու կարեւորութիւնը եւ կարելիութիւնը: Հայրապետը այս ուղղութեամբ կարգ մը շօշափելի պարագաներ պարզեց՝ յիշելով յատկապէս երիտասարդական բնագաւառէն ներս միջ-քրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով ան պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ յայտնեց, որ մեր եկեղեցին ու եկեղեցւոյ առնչուած կառոյցները պատրաստ են միջ-քրիստոնէական գործակցութեան, որ պէտք է դառնայ հիմքը քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան: