ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԱԶԱՅԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2023-ին, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Կազայի նուիրուած համագումար մը՝ «Սուրբ Կոյս Մարիամի Արցունքը Եւ Կազայի Աղէտը» խորագրեալ: Այս առիթով, Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի տիկինը՝ Ճամիլա Ալմ Ալ-Հուտա, որ միաժամանակ Թեհրանի համալսարանի իսլամական բարոյագիտութեան դասախօս է, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան յատուկ հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը բերաւ այս համագումարին:

 

Համագումարի ընթացքին խօսք արտասանեցին լիբանանցի եւ այլ երկիրներէ ժամանած հոգեւորականներ: Ներկաները դատապարտեցին Իսրայէլի կողմէ Կազայի մէջ գործադրուող ոճիրները եւ շեշտեցին միացեալ կեցուածք որդեգրելու հրամայականը:

 

Յիշեալ համագումարին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ներկայ գտնուեցաւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: