Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեանը մասնակցեցան 30 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր 2023-ին, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Պապական Արեւելագիտութեան Հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակին առթիւ տեղի ունեցած երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին։
Գիտաժողովը լուսարձակի տակ բերաւ Շնորհալի հայրապետին աստուածաբանութիւնը, շարականները, հովուական խնամքը, երկասիրութիւնները եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները։
Նարեկ սրբազանը կարդաց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի (Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի) «Ս. Ներսէս Շնորհալիի Աստուածաբանութիւնը Եւ Միջ-եկեղեցական Գործը» խորագիրը կրող զեկուցումը եւ ապա իր կողմէ ներկայացուց Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան օրերուն Անթիլիասի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն լայն շրջագիծը։