14 October, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 15-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբերէն Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հնդկաստանի Քոթայամ քաղաքին մէջ կայացաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի 15-րդ համաժողովը՝ «Աստուա՜ծ, վերանորոգէ մեզ Քու շունչովդ եւ վերականգնէ արարչագործութիւնը» խորագիրով։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս համաժողովին մասնակցեցան Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Անի Քրիստի սարկաւագ Մանուէլեանը։

 

Ժողովին բացումը կատարեց Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Մաթիու Ճորճ Չունաքարան։

 

Հինգ օրերու վրայ տարածուած այս համաժողովը քննարկեց գործադիր վարչութեան, ընդհանուր քարտուղարութեան եւ միաւորներուն վերջին ութամեայ գործունէութիւնը եւ նոր միջոցներ որոնեց շրջանի եկեղեցիներուն միջեւ համագործակցութիւնը առաւել եւս ամրացնելու եւ կրօնական երկխօսութիւնը զօրացնելու։ Աւարտին, համաժողովը ընտրեց յառաջիկայ հինգ տարուան գործադիր վարչութիւնը։ Սեպուհ Սրբազան, որ 2010 թուականէն ի վեր եղած է անդամ գործադիր վարչութեան, վերընտրուեցաւ։  

 

Ժողովի ընթացքին, որպէս պատգամաւոր, Սեպուհ սրբազանը շեշտեց Արցախի ժողովուրդի ներկայ աղետալի վիճակը եւ յանձնարարեց ժողովականներուն յատուկ կոչով դատապարտել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ծրագիրները հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

 

Նշենք, որ Կիրակի, 1 Հոկտեմբերին, ժողովականներուն՝ տեղի եկեղեցիներու պատարագներուն մասնակցութեան ծիրէն ներս, Թեհրանի հայոց թեմի պատուիրակները մասնակցեցան հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ուր սրբազան հայրը քարոզեց։

 

Համաժողովի փակման նիստին, Անի Քրիստի սարկաւագը մասնակցեցաւ աղօթքի արարողութեան։

 

Յայտնենք, որ 2010 թուականէն ի վեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեհրանի Հայոց թեմը անդամ է Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին։