Տասնվեց տարի (2006-2022) գահակալութենէ ետք, Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2022-ին, ի Տէր հանգեաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչցած էր զինք, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր անոր հետ եւ միջ-եկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս սերտ գործակցութիւն հաստատուած էր իրենց միջեւ։
Կիպրոսի եկեղեցւոյ Սինոտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, թէ Արքեպիսկոպոսը փայլուն էջ մը բացած էր իր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, յատկապէս հոգեւոր, կրթական ու ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս։ Ան քաջ կեցուածքներ որդեգրած էր Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւման հակաօրինական կացութեան դէմ՝ պաշտպանելով երկրի անկախութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը։ Նամակի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Արքեպիսկոպոսին արժանացնէ Իր երկնային անթառամ պսակին եւ Կիպրոսի եկեղեցւոյ հոգեւորկանաց դասուն ու հաւատացեալներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը։