ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին ու Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն, Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 09։30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։   Աւանդութիւն դարձած է, որ մեր եկեղեցւոյ լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով, Լիբանանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեանը մասնակցեցան 30 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր 2023-ին, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Պապական Արեւելագիտութեան Հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակին առթիւ տեղի ունեցած երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին։   Գիտաժողովը լուսարձակի տակ բերաւ Շնորհալի հայրապետին աստուածաբանութիւնը, շարականները, հովուական խնամքը,…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։ Այցելութեան նպատակն էր, նոր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, Հայրապետը իրազեկ դարձնել միութեան աշխատանքներուն եւ ստանալ անոր Հայրապետական օրհնութիւնը։   Իր որդիական երախտագիտական զգացումները յայտնելէ ետք, հայր սուրբը Նորին Սրբութեան զեկուցեց միութեան…