ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի նորանշանակ դեսպան Իպրահիմ Պըն Ապտ Ալ-Ազիզ Սահլաուիի այցելութիւնը: Հանդիպման ներկայ էին Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեան:

 

Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ: Լայն քննարկումի ենթարկուեցան հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու թեմական կառոյցներուն, Լիբանանի այժմու կացութեան, նախագահական ընտրութեան եւ Քաթարի հայ համայնքին առնչուած հարցեր:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց միջ-կրօնական բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Քաթարի դրական դերակատարութեան եւ անոր ցուցաբերած լայնախոհ մօտեցումներուն նկատմամբ: Հանդիպման աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը նամակ մը յանձնեց դեսպանին՝ ուղղուած Քաթարի Էմիր Դամիմ Պըն Համատ Ալ-Սանիին