9 November, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբեր, 2023-ին, Պոսէի էքիւնենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։

 

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ Հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցին՝ դիտել տալով, որ Արցախի էթնիկ զտման վտանքին առնչուած միջազգային մամուլի արձագանգները եւ արտայայտուած պոռթկումները անբաւարար էին։ Ան ընդգծեց, որ հակառակ բանաւոր դատապարտումներուն, միջազգային պատկան մարմինները որեւէ մէկ քայլ չառին դադրեցնելու համար մարդկային իրաւունքներու խախտումները։

 

Ան նաեւ նշեց, որ անընդունելի է պատճառաբանել, թէ տեղի ունեցող այլ պատերազմները «յոգնեցուցած էին» հաւաքականութիւնը, երբ ամբողջ Արցախի բնիկ ժողովուրդը 3 Հոկտեմբեր 2023-ին արմատախիլ եղաւ իր հայրենիքէն։ Աւելին, ատկէ քանի մը օր ետք բռնկած Կազայի պատերազմին նման «յոգնածութեան» խնդիր մը սեղանի վրայ չդրուեցաւ, այլ ստացաւ մամուլի պատշաճ արձագանք։ Այնուհետեւ, Հայր սուրբը դատապարտեց միջազգային լրատուամիջոցներու լռութիւնը նաեւ այլ պատերազմներու ու մարդկային իրաւունքներու խախտումներու, ինչպէս շատ մը Ափրիկեան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտերուն, Սուրիոյ պատերազմին 12-րդ տարուան եւ Լիբանանի չորս տարուան ահաւոր տագնապներուն։ Ան ըսաւ, որ ինչպէս բոլոր բարի կամեցութեան տէր մարդիկ կը դաւանին, նման բռնութիւններու մէջ ապրող բոլոր մարդկանց նեցուկ կանգնելով միայն կարելի է հասնիլ խաղաղութեան եւ արդարութեան։

 

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, որ ներկայ էր համաժողովին, ԵՀԽ-ի ամբողջական նեցուկը արտայայտեց Արցախահայութեան եւ անոր արդար դատին։ Ի դէպ, ան Հայաստան կը գտնուէր, երբ սկիզբ առաւ Արցախի էթնիկ զտման վերջին հանգրուանը եւ ընկերային ցանցերու իր անձնական հաշիւէն ուղղակիօրէն սփռած էր իրմէ քանի մը քիլոմեթր անդին տեղի ունեցած ռմբակոծումները։  Այդ սփռումը օգտագործուած էր միջազգային կարգ մը լրատու գործակալութիւններու կողմէն։

 

Հայր Հրանդ նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած 120 հազար Արցախահայութեան իրավիճակին մասին եւ ընդգծեց անոնց նուազագոյն իրաւունքները։ Ան մերժեց Ազրպէյճանի հաստատումները, որ իբրեւթէ վերջինս կ՚ողջունէ հայերուն Ազրպէյճանի քաղաքացիներ դառնալը՝ կեղծիք մը, որուն ոչ մէկ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւն լրջօրէն կ՚անդրադառնայ, մինչ, զուգահեռաբար, Ալիեւի վարչակարգը կը սպառնայ պատերազմի նոր ճակատներ բանալ Հայաստանի դէմ։

 

Համագումարներու անդամները հետաքրքրուեցան ցեղասպան երկու համակարգերու շուքի տակ ապրող Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի ժողովուրդին տառապանքներուն եւ դժուարութիւններուն մասին։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է որպէս եկեղեցիներ լաւագոյն կերպով բարձրաձայնել այս հարցը, Հայր սուրբը կարեւորեց Հայաստանի մէջ, ի մասնաւորի Սիւնիքի մէջ, դեսպանատուներ բանալը։ Ան նշեց վերջերս Գանատական դեսպանատան բացումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան առաքելութեան Հայաստան հաստատուիլը, որ ինքնին ազդու խորհրդանշական յայտարարութիւն մըն է  ի պաշտպանութիւն տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքներու։ Վերջապէս, ժողովը առաջնահերթութիւն տուաւ նաեւ բռնի տեղահանուածներու օգնութիւն մատակարարելը. ժողովականները վստահեցուցին իրենց յանձնառութիւնը այս գծով։