Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր լրիւ կազմով: Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները ներկայացնող Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն հետ՝ ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական օժանդակութեան եւ կրթական բնագաւառներէն ներս: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան…