30 October, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ՝ վայելելով ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը։ Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսէքսի Պռէյնթրի աւանին մէջ գտնուող ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Պեթել» կեդրոնին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ Տէր Հրանդ Ծայրագոյն Վարեապետ Թահանեան, որ ներկայ էր այս ժողովին։

 

Հետեւելով երկխօսութեան օրակարգին, յանձնախումբը շարունակեց 2019 թուականին Եգիպտոսի մէջ սկիզբ առած «Տիեզերական Ժողովներուն Ժառանգութիւնը» թեմայով թղթածրարին աշխատանքները՝ նկատի ունենալով, որ 2020 եւ 2021 թուականներուն կարելի չէր եղած ժողով գումարել համաճարակին պատճառով։ «Տիեզերական Ժողովներուն Ժառանգութիւնը» թեմային վերաբերեալ բանաձեւը վերատեսութեան ենթարկուելէ եւ վերջնական ձեւ ստանալէ ետք որդեգրուեցաւ։ Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ «Եկեղեցիներու Ընտանիք» նիւթը ու մանրամասնօրէն ուսումնասիրուեցան յառաջիկայ տարուան աշխատանքները՝ հիմնական օրակարգի վրայ դնելով «Եպիսկոպոսներ Եւ Սինոտներ» թեմային թղթածրարը։

 

27 Հոկտեմբերին յանձնախումբը հիւրը եղաւ Սուրբ Ալպանի Վանքի տեսուչին։ Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ Ս. Ալպանի եւ Ս. Սմփիպալոսի մասունքներուն առջեւ աղօթք։ Շարունակելով ուխտագնացութիւնը, ժողովականները այցելեցին ղպտի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին եւ Սթիվնէճի Ս. Գէորգ մայրավանքը, ուր յանձնախումբին համա-ատենապետները ստորագրեցին «Տիեզերական Ժողովներուն Ժառանգութիւնը» բանաձեւը՝ յանուն ժողովականներուն։

 

Յայտնենք, որ յանձնախումբը բաղկացած է տարբեր երկիրներէ ու մշակոյթներէ եկած հոգեւորականներէ եւ կը ներկայացնէ համաշխարհային գետնի վրայ իրենց արտայայտութիւնն ու հասանելիութիւնը ունեցող դաւանանքներ։ Որպէս արտայայտութիւն այս զանազանութեան հարստութեան, Գահիրէի մէջ գումարուած ժողովը հիւրընկալուած էր անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ Անգլիոյ մէջ՝ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմին կողմէ։ Այս համաշխարհային ծիրին մէջ, եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաճախ նոյնանման են։ Ներշնչիչ եւ ոգեւորիչ էր բաժնեկցիլ եւ լսել աշխարհի չորս ծագերուն մէջ գտնուող մեր եկեղեցիներուն եւ հաւատացեալներուն մասին, յիշել զիրար մեր աղօթքներուն մէջ եւ իրարու նեցուկ կանգնիլ՝ իրականացնելու համար Աստուծոյ կամքը։

 

Քննարկումներու եւ աղօթքներու մէջ ամէնէն շատ յիշատակուեցաւ Միջին Արեւելքը։ Յանձնախումբի անդամները իրենց փորձառութիւնը բաժնեցին Լիբանանի, Սուրիոյ ու Իրաքի տագնապներուն եւ հակամարտութիւններուն լոյսին տակ։ Յանձնախումբը յատկապէս ուշադրութիւն դարձուց վերջին հանդիպումէն մինչեւ օրս Կովկասի մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններուն, ի մասնաւորի Արցախի ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ազրպէյճանի յարձակումներու լոյսին տակ։

 

Յանձնաժողովը իր յաջորդ ժողովը պիտի գումարէ Հոկտեմբեր 2023-ին Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան անկլիքան եկեղեցւոյ Երուսաղէմի թեմի մէջ։