Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) կազմակերպած «Կիներ՝ Երկխօսութեան Համար» (Հիյա լիլ Հիուար — She For Dialogue) ծրագիրը Լիզպոնի մէջ կայացուց իր երրորդ եւ վերջին հանգրուանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակից Արազ Գոճայեանը, հետեւելէ ետք միամեայ ծրագիրին եւ լիբանանեան մակարդակի վրայ կիրառելէ ետք ձեռք բերուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները, աւարտեց ծրագիրը եւ ստացաւ վկայական։
Միջ-կրօնական եւ միջ-եկեղեցական երկխօսութեան նպաստող զանազան ծրագիրներու ծիրին մէջ, KAICIID, համագործակցաբար Արաբական Աշխարհին Մէջ Երկխօսութեան եւ Համագործակցութեան Միջ-Կրօնական Հարթակին (IPDC)–ին, առաջին անգամ ըլլալով կը ձեռնարկէ կիներու դերակատարութիւնը զարգացնող եւ ամրապնդող ծրագիրի մը։ Այս ծրագիրին նախաքայլին արաբական աշխարհի հինգ երկիրներէ՝ Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Եգիպտոս, Սուրիա եւ Լիբանան, մասնակից քաղաքական եւ կրօնական ոլորտներու մէջ կին գործիչներ հետեւեցան միամեայ ծրագիրի՝ ունենալով երեք հիմնական հանդիպումներ, որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ առցանց (Մայիս 2021-ին), երկրորդը՝ Յորդանանի մէջ (25-29 Մարտ 2022-ին) եւ երրորդը՝ Փորթուկալի (13-17 Նոյեմբեր 2022-ին)։
Վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 17 Նոյեմբերի երեկոյեան՝ ներկայութեամբ Փորթուկալի մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու, պատկան մարմիններու, KAICIID-ի տնօրէնութեան եւ բարեկամներու։ Խօսք առին կեդրոնի ծրագիրներու տնօրէն Տավիտ Քափեչչի եւ արաբական աշխարհի ծրագիրներու վարիչ Ուասիմ Հատտատ։
Նշենք, որ նախքան Լիզպոն մեկնիլը, Գոճայեանն ու Լիբանանէն այլ չորս մասնակիցներ Մեթնի եւ Սայտայի մէջ կազմակերպեցին երկրօրեայ վարժանիստեր, մասնակցութեամբ հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու, սիւնի, շիիթ եւ տիւրզի համայնքներու, 19-էն 25 տարեկան երիտասարդներու, իսկ Պէյրութի եւ Պաալպէքի մէջ՝ միջ-կրօնական երկխօսութեան մէջ գործօն անհատներու մասնակցութեամբ միօրեայ համագումարներ։