Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ Հոգեւոր Պետերու հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Մարոնի Պատրիարքարանի նստավայր Պքերքէի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի պատասխանատու Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Մարոնի Եկեղեցւոյ Պշարա Րայի Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած Հոգեւոր Պետերու հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ անդրադարձաւ՝ Լիբանանի նախագահական…