30 Դեկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ ԳՈՐԾՈՂ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան դաշտը ընդարձակ ու տարածուն է: Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն հետամուտ է հոգեւոր սնունդ մատակարարելու, այլ հոգեւորին կողքին՝ մշակութային, ազգային, պահանջատիրական, ընկերային ծառայութեան, երիտասարդական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական եւ այլ բնագաւառներէ ներս ծաւալուն աշխատանք կը տանի, ծրագիրներ կը մշակէ եւ իրագործումներ կ’արձանագրէ:

 

            «Շնորհալի» երգչախումբին եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) Նոր Տարուան առիթով կազմակերպուած զոյգ ձեռնարկներուն ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ ողջունեց բոլոր անդամները եւ գնահատեց անոնց աշխոյժ գործունէութիւնը: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հաւաքական առաքելութեան կարեւորութեան եւ վստահեցուց, որ անոնք զանազան ձեւերով մասնակից կը դառնան Կաթողիկոսարանի համահայկական բազմատարած եւ բազմազան առաքելութեան: Արամ Ա. Կաթողիկոս բացուող Նոր Տարին լաւագոյն առիթը սեպեց, յետադարձ ակնարկով նայելու անցեալին, վերարժեւորումի ենթարկելու իրենց անցեալի գործունէութիւնը եւ մշակելու յառաջիկայ տարուան գործունէութեան համար նոր ծրագիրներ: Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց անոնց Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը եւ իր Հայրապետական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլոր անդամ-անդամուհիներուն:

More News