1 February, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, 21-23 Յունուար 2016-ին տեղի ունեցաւ «աշխատանքային» հաւաք մը, որ մէկտեղած էր արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ։ Հաւաքին առաջնորդներն էին Օքսֆորտ Համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Փրոֆէսօր» հոլանտացի հայագէտ Թէօ Մաարթըն Վան Լինթ եւ Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան։ Մասնակիցներուն մէջ էին Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանն ու Հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատու Անի Կարմիրեանը։

 

            Եռօրեայ նիստերը տեղի ունեցան Օքսֆորտ համալսարանի Pembroke College-ի ժողովասրահներուն մէջ։ Հաւաքին ընդհանուր խորագիրն էր՝ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն»: Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան՝ ա. Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը, բ. Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները, գ. Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները, դ. Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցեր, ե. Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան ու վաղուան հարցերը։

 

            Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ, Կաթողիկոսարանի Կրթական-Հայագիտական բաժանմունքի գործավար Տիար Ժիրայր Դանիէլեան, որ զեկուցեց Կաթողիկոսարանի գրահրատարակչական գործունէութեան մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրներուն եւ ապագայի ակնկալիքներուն մասին ու մասնակցեցաւ ընդհանուր քննարկումներուն:

More News