24-26 Փետրուար 2016-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին մէջ, Ժընեւ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ընկերային ծառայութեան նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Ե.Հ.Խ.-ի ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան մասնագէտներ եւ զանազան միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու պատասխանատուներ։ Սոյն հանդիպումին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը ներկայացուց Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։
Ե.Հ.Խ.-ը որոշած է 2016 թուականի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել Միջին Արեւելքին։ Սոյն խորհրդակցական հանդիպումը կազմակերպուած էր այս շրջագիծէն ներս, որպէսզի քննարկումներ կատարէ յառաջիկայ ամիսներուն Լիբանանի մէջ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ընկերային ծառայութեան նուիրուած երկու աշխատանոցներուն ուղղութիւնները ճշդելու՝ առաւելագոյն յաջողութեան ձեռքբերման ակնկալութեամբ։ Ժողովը որոշեց համագործակցիլ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, այլ միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու եւ տեղական եկեղեցիներուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ կեդրոնանալ փախստականներու, գաղթականութեան եւ լուսանցքայնացուած ժողովուրդի հարցերուն վրայ (Refugees, Migrants and Marginalized People)։
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան աստուածաբանական հիմունքները եւ անոր թողած դրական ազդեցութիւնը մարդկային ընկերութեան վրայ։ Ժողովը հաստատեց, թէ ընկերային ծառայութեան եկեղեցական հասկացողութիւնը, իբր աստուածահիմն առաքելութիւն, շատ աւելի խորքային է քան պետական կամ ոչ-կառավարական մարդասիրական կազմակերպութիւններունը, սակայն համագործակցութիւնը անհրաժեշտ հրամայական նկատեց ։ Այս ծերէն ներս, համագումարը օգտակար նկատեց Մ.Ա.Կ.-ի կողմէ որդեգրուած եւ մինչեւ 2030 թուական իրագործելի «Բարեզարդման Ծրագիրներու Զարգացում»-ի թղթածրարը (Sustainable Development Goals) նկատի ունենալ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան նուիրուած յառաջիկայ համագումարներուն ընթացքին։