«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է»   Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Սարկաւագութիւնը, որ կը յատկանշուի ծառայութեամբ, եկեղեցւոյ բարձր աստիճաններուն խոնարհագոյնն է: Սարկաւագութեան աւանդութիւնը սկսած է առաքելական շրջանին, երբ քրիստոնէական առաջին համայնքը, հոգատարութեան եւ սպասաւորութեան պաշտօններուն համար, կարիքը կը զգայ ընտրելու եօթը սարկաւագներ: Ահաւասիկ այդ խումբին մէջ էր նաեւ Սուրբ Ստեփանոս, որ նաեւ դարձաւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսն ու նահատակը: Շաբաթ, 26 Դեկտեմբեր 2015-ին, Հայ Եկեղեցին…