29 Փետրվարի, 2016

«ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Փետրուար 2016-ին, հայրենի «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի համոյթը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ ներկայ գտնուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագին։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց համոյթը Վեհարանի դահլիճէն ներս։ Ներկայ էին միաբան հայրեր եւ Դպրեվանքի ուսանողները։
 
«Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց համոյթին պատմականն ու նպատակը, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ հայ աշուղական երգերու իւրայատուկ տեղին մասին։ Ապա, համոյթը ներկայացուց բունջ մը աշուղական երգեր։ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը իր կարգին հանդէս եկաւ հայրենասիրական երգերով։
 
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ մշակութային արժէքներուն նուիրուած այս համոյթը։ Ան անդրադարձաւ ժողովրդային եւ աշուղական ու յատկապէս Սայաթ Նովայի երաժշտութեան։ Նորին Սրբութիւնը ցաւով յայտնեց, որ նման երգեր նահանջ կ’արձանագրեն Հաաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ ի դիմաց հայկական թէ օտար նորելուկ երաժշտութեան։ «Բանաստեղծական թէ երաժշտական առումով աշուղական ու հայրենասիրական երգերը մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ, սակայն անոնք նոր սերունդներուն ազգային ոգի, հաւատք ու տեսիլք ներարկեցին։ Այս երգերը մեր ժողովուրդին մարտունակ ոգին ամրապնդեցին։ Մենք այս երգերով կազմաւորուեցանք ու կազմաւորեցինք մեր սերունդները՝ ազգին ու հայրենիքին համար պայքարելու եւ նո՛յնիսկ արիւն թափելու» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
 

More News