Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանին կազմակերպութեամբ հայ սրբանկարչութեան խտացեալ դասընթացքի փակման հանդիսութիւնը: Դասընթացքին մասնակից ուսանողները, իրենց գծած սրբապատկերներով դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը: Բացման խօսքը կատարեց «Կիլիկիա» Թանգարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնեց աննախընթաց այս դասընթացքին իրագործման եւ քաջալերանքին համար: Ան յոյս յայտնեց, որ մասնակիցները իրենց ծառայական ոգիով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ պիտի վերածաղկեցնեն, զարգացնեն եւ տարածեն հայ սրբանկարչութեան արուեստը:

 
Ապա, խօսք առաւ դասընթացքի դասատու Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեան, որ յատուկ կերպով այս ծրագիրին համար հրաւիրուած էր Իտալիայէն: Ան ըսաւ, որ Հայրապետին քաջալերանքը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած է մասնակիցներուն մօտ, որոնք նոյն լրջութեամբ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները:
 
Մասնակիցներուն անունով խօսք առաւ Կարէն Եօսուլքանեան, որ բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ փափաք յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակուի: Ան յանուն մասնակիցներուն, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Կաթողիկոսարանի մէջ տպուած Նարեկ աղօթամատեանի հնագոյն ամբողջական ձեռագրի կրկնօրինակը նուիրեց Հայր Յովսէփին:
 
Ի վերջոյ, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց տարուած աշխատանքն ու մասնակցիները: Ան ամփոփ պատմական ակնարկ մը կատարեց սրբանկարներու աստուածաբանական իմաստին եւ անոնց դերին ու տեղին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, հաստատելով որ Հայ Եկեղեցին իր չափաւոր մօտեցումով կ’արժեւորէ սրբանկարները եկեղեցւոյ մէջ: Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց, թէ սրբապատկերները չեն որ կը պաշտուին մեր եկեղեցւոյ մէջ, այլ սրբապատկերին ներկայացուցած գաղափարը օրինակ կը հանդիսանայ հաւատացեալին համար: Ան գնահատեց դասատու Հայր Սուրբը եւ անոր յանձնեց սրբանկարչութեան նուիրուած կարեւոր հատոր մը:
 
Աւարտին, բոլոր մասնակիցները իրենց գծագրած սրբապատկերներով ծունկի եկան Վեհափառ Հայրապետին առջեւ, որպէսզի Հայրապետական օրհնութեամբ օրհնէ զիրենք եւ իրենց սրբապատկերները: Ապա, Նորին Սրբութեան ձեռամբ ստացան երկու տարուան խտացեալ դասընթացքներու մասնակցութեան վկայագրերը: