ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Քահանայութեան պաշտօնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւորագոյն պաշտօններէն մին է: Պաշտօն մը, որ ըստ էութեան զՔրիստոս կը ներկայացնէ ամէն Ս. Պատարագի ընթացքին աստուածապարգեւ «ընծաներուն» դիմաց: Պաշտօն մը, որ շատ աւելի խոր իմաստ ունի եւ որուն գիտակցումը մեծ պարտաւորութիւններու տակ կը դնէ քահանան: Պաշտօն մը, որ մարդկութեան տրուած մեծագոյն պատիւներէն մին է՝ Սուրբ Բարսեղ Հայրապետի բացատրութեամբ. «Բայց նախ գիտցէք որ քահանայութեան պատիւը չտրուեցաւ հրեշտակներուն, որովհետեւ անմեղ էին, այլ՝ մարդոց»:

 

Քահանայութեան պաշտօնին գիտակից ըմբռնումը մեր ժողովուրդի եկեղեցական-ազգային պատմութեան մէջ լաւագոյնս կ’արտայայտուի կեցուածքովը Ղեւոնդեանց Քահանայից, որոնց յիշատակի նախատօնակը կատարուեցաւ հանդիսաւորապէս Երկուշաբթի, 2 Փետրուար 2016-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Արարողութեան մասնակցեցան Միաբան Հայրերը եւ նախատօնակին նախագահեց Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան:

 

Բուն Բարեկենդանը կանխող Երեքշաբթի օրը Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն նուիրուած է Ղեւոնդեանց Քահանայից, որոնք մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահուն իրենց հաւատքի ամրութեամբ եւ պաշտօնի գիտակցութեամբ առաջնորդ հանդիսացան՝ յոյս ու կորով ներշնչելով հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուող Վարդանանց ճակատամարտին: Ղեւոնդեանց այս արի կեցուածքը եւ անխախտ հաւատքը կը վերանորոգէ ու կը վերակենսաւորէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը իր աստուածանպատակ եւ ազգաշէն առաքելութեան մէջ: