31 Յունուար 2016-ին, Գահիրէի մէջ, սկսաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս ժողովին կը մասնակցի Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։
Այս երկխօսութեան շրջագիծին մէջ, Երեքշաբթի, 2 Փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի Նախագահ Կարտինալ Քըրթ Քոխ եւ Նարեկ Սրբազան առանձին հանդիպում մը ունեցան։
Հանդիպման ընթացքին գնահատուեցան Կաթոլիկ Եկեղեցի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն ջերմ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը եւ քրիստոնեաներու ներկայութեան ու վկայութեան կենսականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ։