ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՂ ԷՔԻՒՄԷՆԻԶՄԻ 3-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ»

3-rd International Theological Colloquium for Transformative Ecumenism

 

Theme: Growing Together in Transformative Ecumenism

 

11-16 Յունուար 2016-ին, Թանզանիոյ Մոշի քաղաքի Լուտերական Եկեղեցւոյ համագումարներու կեդրոնին մէջ կայացաւ «Փոխակերպող Էքիւմէնիզմի 3-րդ Միջազգային Աստուածաբանական Համագումարը»: Քորիայի Եկեղեցիներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս համագումարը կու գար շարունակելու Յուլիս 2013-ին Քորիայի մայրաքաղաք Սէյուլի եւ Յունիս 2014-ին Ֆիլիփեան Կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլլայի ժողովներուն սկսած գործընթացը:

 

Համագումարին ներկայ էին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութեանց Ատենապետ Ակնէս Ապում եւ Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ զանազան շրջաններէ եկեղեցիներու եւ միջ-եկեղեցական խորհուրդներու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

            Համագումարին ընդհանուր թեման էր «Միասնաբար Աճինք Փոխակերպող Էքիւմէնիզմին Մէջ»: Դասախօսութիւններու եւ կլոր սեղաններու ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան միջ-եկեղեցական շարժումի ապագայ առաջնորդներու պատրաստութիւնը, դասական էքիւմէնիզմէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը, եկեղեցիներու միջեւ կապեր ստեղծելու շահեկանութիւնը, ինքնաքննադատական մօտեցումով միջ-եկեղեցական շարժումի առաքելութիւնը վերարժեւորելու հրամայականը, արդարութեան հաստատումը եւ լուսանցքայնացուած ու անտեսուած դասակարգերու զօրակցութիւնը: Ժողովը որոշում կայացուց անցնիլ յաջորդ հանգրուանին եւ վերոնշեալ երեք համագումարներուն արծարծած հարցերն ու առնուած որոշումները գործադրութեան դնել: Համագումարը նաեւ անդրադարձաւ գաղթականութեան հարցին եւ աշխարհի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եկեղեցիներու դերակատարութեան, շեշտելով թէ եկեղեցիները պէտք չէ անտարբեր մնան մարդկութիւնը յուզող նման երեւոյթներու դիմաց: Վերջապէս, համագումարը իր զօրակցութիւնը յայտնեց աշխարհի տարբեր մասերուն եւ յատկապէս Ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի մէջ զանազան ձեւերու բռնութեանց զոհ գացող ժողովուրդներուն, եւ կո՛չ ուղղեց յարգել մարդկային արժէքներն ու իրաւունքները: