Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈԼԻԿՆԵՐՈՒ ԵՈՒՆԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Երեքշաբթի, 5 Յունուար 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Վեհարանի հիւրասրահին մէջ ընդունեց Ասորի Կաթոլիկներու Եունան Պատրիարքը, որուն կ’ընկերակցէին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Քաս-Մուսա Եպիսկոպոսը եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Խորհրդակցական այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները:…