12 Դեկտեմբերի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԵՀՈՄ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ-ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ուրբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ բացումը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կողմէ կազմակերպուած Նոր Տարուան Ցուցահանդէս-Տօնավաճառին, ձեռամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ցուցադրութեան ու վաճառքի համար դրուած էին հայկական արուեստի գործեր, ամանորեայ զարդարանքներ, հայկական խոհանոցը ներկայացնող ուտեստեղէններ, հայկական գինիներ եւ քոնեակներ, տուրմեր, խտասալիկներ, հայկական մրգեղէններ, ձեռագործներ, տնային գործնական պիտոյքներ եւ այլ զարդեղէններ:

 
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ բարեգործական աշխատանքի գծով ՀԵՀՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք հայերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Պրն. Յովիկ Յակոբեանը, իսկ արաբերէն լեզուով՝ Օրդ. Սինթիա Արապկիրլեանը: Իրենց խօսքին մէջ անոնք շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ սոյն ամանորեայ ձեռնարկին բարեգործական բնոյթի կարեւորութեան:
 
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ ՀԵՀՈՄ-ի ունեցած դերին ու աշխոյժ գործունէութեան եւ ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ զօրավիգ կանգնին լիբանանահայ բոլոր երիտասարդական միութիւններուն ու քաջալեր հանդիսանան անոնց կողմէ կատարուած ազգանուէր ծառայութիւններուն: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքը ուղղեց ՀԵՀՈՄ-ին եւ ներկաները քաջալերեց, որ մասնակից դառնան իրենց կատարած բարեգործական աշխատանքին:
 
Յայտնենք, որ սոյն Ցուցահանդէս-Տօնավաճառին գլխաւոր նպատակն է կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակել եւ զանոնք բաժնեկից դարձնել նոր տարուան ուրախութեան: Այս առումով Տօնավաճառի մուտքին զետեղուած են երկու խոշոր տուփեր, որոնց մէջ ժողովուրդը իր սրտաբուխ նուէրը (ուտեստեղէն եւ խաղալիք) պիտի նետէ եւ այդ բոլորը հաւաքուելով պիտի բաշխուին մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն:
 

More News