ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն նպատակն էր Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յառաջիկայ աշխատանքները կազմակերպել։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ու Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները։

 

Վեհափառ Հայրապետը նախ ջերմօրէն գնահատեց Սուրիոյ հայութեան ամուր կապուածութիւնը Սուրիոյ եւ մեր համայնքային կառոյցներուն՝ հակառակ զիրենք շրջապատող աննպաստ պայմաններուն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին ու ազգային մարմիններուն ցուցաբերած նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն օգտակար եղող շտապ մարմնի գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած միասնակամութիւնը Սուրիոյ մէջ, եւ թելադրեց որ գաղութը լծուի վերականգնումի աշխատանքներուն։

 

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, Ազգային Իշխանութեան, ժողովուրդին եւ իր անունով խոր շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ոչ միայն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ անցնող տագնապալից շրջանին, այլ նաեւ նիւթապէս օգտակար հանդիսացած Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատած Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հիմնադրամի ճամբով։

 

Ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող կարելիութիւնները՝ թեմական, համայնքային, տնտեսական ու քաղաքական երեսներով։

 

Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, թէ Սուրիոյ մեր հայ համայնքը՝ որպէս Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մին, պէտք է իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերէ Սուրիոյ վերականգնումի առաջնորդող բոլոր աշխատանքներուն։