Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՂ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւնը կ’երթայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերը եւ ապա, երբ զուիցերիացի միսիոնարներ Կիլիկիայէն հազարաւոր որբերու խնամք տածած են, Միջին Արեւելեան զանազան երկիրներու ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատկապէս, սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունի Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն հետ: Արդարեւ, Սեպտեմբեր 2015-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած էր Զուիցերիա եւ տարբեր քաղաքներու…