Կիրակի, 21 Փետրուար 2016-ին «Ծառայութեան Տարուան» առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական օրհնութեան գիրով պատուեց Տիար Երուանդ Գույումճեանը, Ազգային Ծերանոցի խնամակալութեան ճամբով, անոր աւելի քան քառասուն տարիներու մատուցած ծառայութեան համար։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, Ազգային Ծերանոցի տնօրէնը, խնամակալութեան անդամներ, միաբան հայրեր եւ հարազատներ։
Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութեան գիրին մէջ շեշտեց. «Արդարեւ, ընկերային ծառայութիւնը կը հանդիսանայ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը։ Ընկերային ծառայութեան մասնակից դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ա՛յս գիտակցութեամբ, Ազգային Ծերանոցի ճամբով դուք նուիրումով ծառայեցիք այնտեղ ապաստան գտած եւ յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող մեր հայրերուն ու մայրերուն։ Անկասկած, որ Ձեր այս գործունէութեան մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ձեր ազնիւ Տիկինը՝ Տիկին Այտան, միշտ մնալով Ձեր կողքին ու քաջալեր հանդիսանալով Ձեզի»։
Աւարտին, յանուն Երուանդ Գույումճեանի, իր կողակիցը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց արժանացուած այս պատիւին համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու իրենց անսակարկ ծառայութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով։