Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, իմանալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց Լ.Ղ. Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ ու անոր յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր զօրակցութիւնը Ղարաբաղի քաջարի բանակին նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ թէ. «Բառին ամբողջական իմաստով մենք զօրակից ենք Ղարաբաղին, անոր քաջարի բանակին, ժողովուրդին ու պետութեան։ Ղարաբաղի անկախութեան պաշտպանութիւնը եւ հզօրացումը մեզի համար սրբազան պարտաւորութիւն է։ Այս օրերուն մա՛նաւանդ՝ երբ Ղարաբաղը յարձակումի է ենթարկուած Ազրպէյճանի կողմէ, մեր ժողովուրդի զաւակները՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարածքին, պէտք է իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտեն Ղարաբաղի պաշտպանութեան գծով, որովհետեւ Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը Հայաստանի պաշտպանութիւնն է եւ փոխադարձաբար»։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ղարաբաղի նախագահին, անոր ցուցաբերած օրինակելի հայրենասիրութեան ու քաջութեան համար։
Նախագահ Սահակեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ երէկ գիշեր ազերիները անակնկալ յարձակում գործած են բոլոր ճակատներու վրայ։ Մեր բանակը զօրեղ կերպով հակադարձած է ազերիներու յարձակումներուն, եւ պատճառած է մարդկային ու զինուորական ծանր վնասներ։ Բախումները տակաւին կը շարունակուին։
Յայտնենք, որ այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ Նորին Սրբութիւնը Դեսպանին լայն բացատրութիւններ տայ Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան ու հայ համայնքին մասին։