6 February, 2016

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ-ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

31 Յունուար-6 Փետրուար 2016, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գահիրէի Ս. Մարկոս ընկերային ծառայութեան կեդրոնին մէջ, Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի հրաւէրով, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան 13-րդ ժողովը։

Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ յանուն Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան։

 

1 Փետրուարին ժողովականներ այցելեցին Ս. Պիշոյի Վանքը եւ հանդիպում ունեցան Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին հետ։

 

2 Փետրուարին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները առանձին ժողով գումարեցին եւ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն առնչուած միջ-եկեղեցական հարցեր։

 

3-6 Փետրուարին Հայ, Ղպտի, Ասորի, Հնդիկ եւ Հապէշ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներէն եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիէն աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովի 24 հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներ քննարկեցին «Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդները» նիւթը։

 

Բացման նիստի ընթացքին, Նարեկ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն Եկեղեցիներուն, որոնք անցեալ տարի մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումներուն եւ այս ծիրէն ներս լուսարձակի տակ բերաւ 12 Ապրիլ 2015-ին Հռոմի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատմական ոգեկոչումն ու Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Վարդապետ» հռչակումը Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին կողմէ, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, երկու Վեհափառ Հայրապետները, երկու Հայրապետական Ս. Աթոռներու եպիսկոպոսներ եւ հայ հաւատացեալներ։

4 Փետրուարին աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովի անդամներ ներկայ գտնուեցան Եգիպտոսի Պապական Նուիրակ Պրունօ Մուսարօ Արքեպիսկոպոսի հիւրընկալած ճաշկերոյթին։

 

Երկխօսութեան 14-րդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հրաւէրով, 21-28 Յունուար 2017-ին, Հռոմի մէջ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրբ Պատարագի խորհուրդը։

More News