Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՅՑԵԼԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՏՈՒՑՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեծի Տանն Կիլկիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր առաքելութեան մէջ կը ներառնէ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը՝ որբեր ու ծնողազուրկներ, տարեցներ ու հիւանդներ, երէցներ ու անկարներ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ օրինակ կը հանդիսանայ եւ կը քաջալերէ Միաբան Հայրերը, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն ընկերային ծառայութեան: Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ այցելել ազգային…