Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՕՏԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

Հինգշաբթի, 21 Յունուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ա.Մ. Նահանգներու, Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ տարբեր համալսարաններու աստուածաբանութեան ուսանողներ, որոնք Լիբանան այցելած են ծանօթանալու Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներուն: Ուսանողներուն կողքին հանդիպումին նաեւ ներկայ գտնուեցան անոնց ընկերացող դասախօսները:     Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումի ընթացքին Միջին Արեւելքի պատմականը կատարեց եւ անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններուն ու Միջին Արեւելքի…