13 Մարտի, 2016

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ՍԱՀԱԿ Բ. ԽԱՊԱՅԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օրուան առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ ներկայութեամբ ուխտաւոր ժողովուրդին։

Հսկումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուրուագծային ակնարկ մը նետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կեանքին, հաւատքին ու առաքելութեան։ Ապա, անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետի 20-րդ դարու արժանաւոր յաջորդներէն Երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան տեսլապաշտ Հայրապետին, որ 1931 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիաս հաստատման թուականէն տարի մը ետք, Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Չարչարանաց եւ Մուտն ի Վիրապի տօնը կը հաստատէ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օր։

Վեհափառ Հայրապետը վեր առնելով Սահակ Կաթողիկոսի արժանիքները ըսաւ. «Իր ժողովուրդին տառապանքը գոյութենական կերպով ապրած, տառապեալ եւ աստանդական, սակայն հաւատք, կամք ու տեսիլք ունեցող Հայրապետը Անթիլիասի մէջ վերահաստատելէ ետք Կաթողիկոսարանը, վերակազմակերպեց Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։ Ան յառաջացեալ տարիքին հեռացաւ այս աշխարհէն եւ իրեն յաջորդները այս Կաթողիկոսութեան հոգեմտաւոր շէնքին վրայ քար մը աւելցնելով շարունակեցին այս Ս. Աթոռին հաւատքի համազգային առաքելութիւնը»։

«Անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով գրեթէ չյիշուեցաւ Սահակ Կաթողիկոսը։ Ցեղասպանութենէն՝ մեր ժողովուրդի Խոր Վիրապէն դէպի յարութիւն տանող այս Հայրապետին մեծութիւնը ո՛չ գահով, ո՛չ մականով, ո՛չ վկայականով եւ ո՛չ ալ արտաքին փառքով կերտուեցաւ, այլ՝ իր ունեցած հաւատքով, յանձնառութեամբ, անանձնական ծառայութեամբ ու տեսիլքով» հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը եւ կո՛չ ուղղեց քալելու անոր շաւիղէն։

Խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ ժողովուրդին ցոյց տուաւ Երուսաղէմի Յարութիւն Պատրիարքին 1903 թուականին Սահակ Կաթողիկոսի նուիրած պանակէն եւ Սահակ Կաթողիկոսին մատանին, որոնք Արամ Ա. Կաթողիկոս առաջին անգամ ըլլալով կը գործածէր՝ իբր 85-ամեայ ուխտի վերանորոգութեան նշան։

More News