Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ — ԱՆԹԻԼԻԱՍ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸՆ Է ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԹԷ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՄԲԱՆ ՍԻՐՈՅ, ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԽԱՂԱՂ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ Է» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016-ի առաւօտուն ժամը 10-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, Ս. եւ Անմահ Պատարագով տօնախմբելու մեր Տիրոջ…