ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԱՀՈՎ, ՀԱՅՆ ԷՐ ՈՐ ՊԻՏԻ ՄԱՀԱՆԱՐ ՀԱՅՈՒՆ ՄԷՋ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հինգշաբթի, 4 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի…