«ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ՝ ՆԱԽԱՔԱՅԼ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ յարուցած՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձի դատը, որ իր տեսակին մէջ եզակի քայլ մըն էր՝ Հայ Դատի իբր շօշափելի ու գործնական նախաձեռնութիւն, ցնցում պատճառեց հայ եկեղեցական թէ քաղաքական իրականութենէն ներս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողողութեամբ, երեք տարիներու ընթացքին դատի…