ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» ԳՐՔՈՅԿԸ

Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օժտեց նոր Բաժանմունքով մը, որ կոչուեցաւ «Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունք»:
 
Վեհափառ Հօր պատուէրով, Բաժանմունքը պիտի հրատարակէ գրքոյկներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի ու գիտելիքներու առաւել ամրապնդումը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ծարաւի յագեցումը:
 
Բաժանմունքը արդէն իսկ հրատարակեց իր առաջին գրքոյկը` «Ի՞նչ Կ’ըսեն Սուրբ Հայրերը Պահեցողութեան Մասին»: Սոյն գրքոյկը իր մէջ կ’ամփոփէ եկեղեցւոյ հայրերէն խօսքեր եւ կարճ խորհրդածութիւններ` նուիրուած պահեցողութեան: