ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐՈՅ ՊԵՐՃԱԽՕՍ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին ժամերու դէպքերն ու խորհուրդները իր մէջ պարփակող Աւագ Հինգշաբթի օրը մեծ շուքով եւ եկեղեցական հարուստ արարողութիւններով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Հինգշաբթի, 24 Մարտ 2016-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Կարգ Ապաշխարողաց եւ ապա, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման յիշատակի պատարագը։

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի հոգեթով արարողութիւնը, Մեծ Վարդապետին օրինակով միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը լուալով։ Արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ վեր առաւ Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութեան խորհուրդին էութիւնը կազմող սիրոյ, ծառայութեան եւ խոնարհութեան երեք կարեւոր արժէքները։

«Յիսուս իր կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ սիրել, ծառայել եւ կեանքի մէջ խոնարհ ըլլալ։ Աստուծոյ Միածին Որդին ծառայեց մարդոց Իր կեանքի օրինակով եւ խաչին վրայ արիւնը թափելով՝ ցոյց տալով մարդ ըլլալու, Աստուծոյ փրկութեան ճամբէն քալելու եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու ճշմարիտ կերպը՝ վաւերական ճամբան։ Քրիստոսի կեանքին մէջ սէր, խոնարհութիւն ու ծառայութիւն իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են եւ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ զՔրիստոս ունենալ իբր մեր կեանքի հայելին եւ Քրիստոսի նայելով փորձել մեր կեանքը ըմբռնել, ապրիլ ու մեր մարդկային կոչումը իրագործել Քրիստոսաւանդ արժէքներով» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Բոլոր եկեղեցական արարողութեանց Մայր Տաճարն ու Կաթողիկոսարանի շրջափակը լեցուն էին մեր ժողովուրդի զաւակներով, եւ յատկապէս երիտասարդներով։ Բոլորն ալ հաւատքի մղումով եկած էին նշելու յիշատակը վերջին ընթրիքի դէպքերուն եւ պատրաստուելու աւելի ուշ տեղի ունենալիք Կարգ Չարչարանացին։