«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆ Է ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՅ ԻՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ»։ Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իւրաքանչիւր տարւոյ Փետրուար 14-ին Հայ Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Տաճար Ընծայման տօնը: Տէրունի այս մեծ տօնի նախօրեակին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու: Մեր եկեղեցւոյ «Հաւատքի Հօր» անունով կնքուած Սուրբ Տաճարը զեղուն էր երիտասարդ ծնողներով,…