Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, այցելեց նաեւ Կաթողիկոսարանի հաստատութիւններէն՝ Ազունիէի Ազգային Բուժարանը: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերակցէին Միաբան Հայրեր:   Նորին Սրբութիւնը հիւանդանոցի մուտքին դիմաւորուեցաւ Բուժարանի տնօրէնին եւ պատասխանատու բժիշկներուն կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը նախ հանդիպում ունեցաւ անոնց…