Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մօտ Կիպրոսի Դեսպան Տիկ. Քրիսթինա Րաֆթին: Նկատի ունենալով որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Մայրավանք, Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ Կաթողիկոսարանին առաքելութեան եւ Սփիւռքի մէջ տարած անոր գործունէութեան: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Բարսեղ Զարդարեան եւ Դեսպանին խորհրդականը:

 

            Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան ու Դեսպանին խօսակցութիւնները կեդրոնացան հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներու դարաւոր յարաբերութեան, Կիպրոսի հայ գաղութին եւ անոր ունեցած դրական ներդրումին կիպրական ընկերութենէն ներս: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, Սուրիոյ վիճակին եւ հայ-թրքական ու թուրք-կիպրական յարաբերութեանց:

 

            Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եկեղեցիներ ու մեծ վանք մը ունի Կիպրոսի գրաւեալ թրքական բաժնին մէջ, եւ յոյս յայտնեց որ Կիպրոսի պետութիւնը օգտակար կը հանդիսանայ սոյն եկեղեցական պատմական կոթողներու քանդումի կասեցման առնչութեամբ: