ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Հատոր Գ.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Երրորդ Հատոր»ը, որուն մէջ ներառնուած են կրտսեր ռոմանթիգ քերթողական հեղինակներէն Թովմաս Թէրզեան, Յովհաննէս Սէթեան, Մկրտիչ Աճէմեան եւ Ռէթէոս Պէրպէրեան: Իւրաքանչիւր հեղինակ իր ոճով կրցած է իր ներքին յուզումներն ու սլացքը արտայայտել եւ հարստացնել Արեւմտահայ գրականութիւնը:

 

Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Հրատարակութեան 82-րդ թիւն է «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան Երրորդ Հատոր»ի Բ. հրատարակութիւնը, որուն խմբագիրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամներէն Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան:

 

Հատորը կը հրատարակուի Կիպրոսի հայ հասարակութեան կողմէ՝ հանգուցեալ եւ մեծանուն գրագէտ Յակոբ Օշականի յոբելեանին առիթով գոյացած գումարով: Այս արարքով Կիպրոսի գաղութը իր սրտի նիւթացած տուրքը կը բերէ հայ մշակոյթին: