13 December, 2015

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան՝ վարիչ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ վարիչ Լսատեսողական բաժանմունքի:

 

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ միջազգային մամուլի կարեւոր օրկաններու ներկայացուցիչները՝ Ճումհուրիյէթ, Հիւրրիյէթ, Ռատիքալ, Րոյթըրզ եւ BBC, ինչպէս նաեւ քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող մտաւորականներ, Թուրքիոյ մէջ Իրլանտայի եւ Հոլանտայի հիւպատոսները եւ նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան:

 

Յայտնենք, որ դատի յանձնախումբը նման ասուլիսներ կազմակերպած էր Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ միջազգային մամուլը զանազան առիթներով՝ յատկապէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցներուն ճամբով, արձագանգած էր դատին մասին:

 

Առաջին անգամ ըլլալով, մամլոյ ասուլիս տեղի կ’ունենար Թուրքիոյ մէջ, որուն նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել Թուրքիոյ ժողովուրդին:

 

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսք առին դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբան՝ Ճէմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Թանէր Աքչամ եւ Հայր Յուսիկ: Կաթողիկոսարանի բացած դատը լայն հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն մօտ, որոնք զանազան հարցումներու միջոցով յաւելեալ լուսաբանութիւններ խնդրեցին: Ներկաներէն ոմանք շեշտեցին յիշեալ դատին կարեւորութիւնը, հարիւր տարիներ ետք զայն նկատելով եզակի նախաձեռնութիւն մը՝ յոյս յայտնելով, որ թուրք պետութեան համար այս առիթ մը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին:

 

Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն շուրջ 50 թրքական լրատուամիջոցներ՝ օրաթերթեր, կայքէջեր, ընկերային լրատուամիջոցներ, պլոկներ, լայնօրէն անդրադարձան դատին: Այս առթով Հայր Պետրոսը հարցազրոյցներ ունեցաւ Կարօ Փայլանի (Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի անդամ), Ճէնկիզ Աքթարի (քաղաքագէտ եւ մտաւորական), Մեհմէտ Ալթանի (մտաւորական) եւ Այլա Ժան Եաալքի (Րոյթըրզի լրագրող) հետ, որոնց ամփոփ տեսաերիզը կրնաք տեսնել Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ:

https://www.youtube.com/watch?v=VH2dRZfOPSk&feature=youtu.be

More News