28 Նոյեմբերի, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

 

16-17 Նոյեմբեր 2015-ին, Ժընեւի մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Իսլամական միջազգային կեդրոնին միջեւ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումար մը՝ «Կրօն, խաղաղութիւն եւ բռնութիւն» թեմայով:

 

            Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Փաքիստանէն իսլամագէտներ եւ համալսարաններու դասախօսներ, որոնք համագումարին թեմային շուրջ ներկայացուցին զանազան դասախօսութիւններ: Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ դասախօսութիւն մը տուաւ «Համագործակցութիւն կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարութեան միջեւ ի խնդիր հաստատուն եւ մնայուն խաղաղութեան» նիւթով:

 

            Միջ-կրօնական համագումարի անդամները նաեւ յատուկ նիստ ունեցան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան հետ, որ նոյն օրերուն իր տարեկան ժողովը կը գումարէր Պոսէյի մէջ, Զուիցերիա:

 

            Քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ կրօնական ուսուցումներու եւ աւանդութիւններու ճշգրիտ ըմբռնումը, կրօնական ծայրայեղականութիւնն ու բռնութեան վտանգը, համագոյակցութեան կարեւորութիւնը, խաղաղութեան հաստատման հրամայականը եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը:

More News