Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՏՔՈՎ ԹԵՐԱՃ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մտքով թերաճ հայ մանուկներու Զուարթնոց Կեդրոնի վարչութիւնը։ Յիշեալ վարչութիւնը կը բաղկանայ Լիբանանի ընկերային ծառայութեան նուիրուած կառոյցներու ներկայացուցիչներէ եւ մօտէն կը հետեւի մտքով թերաճ մանուկներու դաստիարակութեան աշխատանքներուն։ Ներկայիս 40 մանուկներ ու պատանիներ կը յաճախեն Զուարթնոց Կեդրոն, ուր կազմակերպուած, հետեւողական եւ արդի մեթոտներով աշխատանք կը տարուի։ Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը…