Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ը վառ յիշատակներով արձանագրուեցաւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատութենէն ներս պատսպարուած հայ որբերու յիշողութեան մէջ: Արդարեւ, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկները, պաշտօնէութիւնը, խնամակալութեան ներկայացուցիչները եւ Գայեանեան Քոյրերու միաբանութիւնը այցելութիւն տուին Մայրավանք:   Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է անոնց հանդիպումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Մանուկները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին Նոր Տարուան…