«ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋԸ՝ ՆԱԽԱՔԱՅԼ ՄԸՆ Է ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ յարուցած՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձի դատը, որ իր տեսակին մէջ եզակի քայլ մըն էր՝ Հայ Դատի իբր շօշափելի ու գործնական նախաձեռնութիւն, ցնցում պատճառեց հայ եկեղեցական թէ քաղաքական իրականութենէն ներս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողողութեամբ, երեք տարիներու ընթացքին դատի նախապատրաստական աշխատանքները տարուեցան լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ՝ հեռու լուսարձակներէ: Դատի թղթածրարին պատրաստութեան աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թուրք եւ օտար միջազգային օրէնքի մասնագէտներ:

 
Զանազան առիթներով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ճամբով լայն բացատրութիւններ տուաւ յիշեալ դատին շուրջ, նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ կարեւորութիւնը: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2015-ին «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղ ունեցաւ հաւաք մը, աւելի քան 50 մտաւորականներու ներկայութեամբ, լուսարձակի տակ առնելու դատին ներքին ծալքերն ու զանազան երեսները: Վեհափառ Հայրապետը նախքան դատին մանրամասնութիւններուն եւ բացատրութիւններուն անցնիլը հարց տուաւ, թէ ո՞վ է մտաւորականը: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց, թէ մտաւորականութիւնը, որ կոչուած է առանցքային դեր ունենալ մեր հայրենիքէն ու գաղութներէն ներս, փաստօրէն սկսած է նօսրանալ: Նորին Սրբութեան համաձայն՝ «մտաւորականը միայն գրողը եւ գիրք տպողը չէ, այլ մեր կեանքէն ներս տագնապողն է, ըսելիք ու ընելիք ունեցող անձն է, մեր կեանքը առաջնորդելու եւ անոր առջեւ նոր հորիզոններ բանալու ատակ ու յանձնառու մարդն է»:
 
Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս 7 հարցադրումներ կատարեց եւ անոնց ընդմէջէն մանրամասնօրէն ներկայացուց դատի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը իր բոլոր հանգրուաններով: Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ կարեւոր ներդրում ունեցած էր Փետրուար 2012-ին Կաթողիկոսարանի կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային համագումարի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ դատի թղթածրարի պատրաստութեան աշխատանքին մէջ, ներկայացուց դատին հետ աղերս ունեցող միջազգային ու թրքական օրէնքներուն տարբեր երեսները եւ անոր իրաւական հիմնաւորումները:
 
Վեհափառ Հայրապետը մտաւորականներուն պարզեց դատին ամբողջական ու հսկայածաւալ թղթածրարը բոլոր մանրամասնութիւններով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ գտնուող զանազան կալուածներու փաստաթուղթերը, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային համագումարին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները ամփոփող International Criminal Law պարբերաթերթին օրինակը եւ Կաթողիկոսութեան կողմէ անոր վերահրատարակած Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation հատորին օրինակը՝ իւրաքանչիւրին պարագային տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ: Եզրակացնելով, Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, թէ «Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը փաստօրէն շատ կարեւոր նախաքայլ մըն է մեր համազգային դատին ծիրէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ զոհնէ Հայոց Ցեղասպանութեան, 100-ամեակէն վերջ, յանուն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, պիտի շարունակէ Հայ Դատի իրաւական հետապնդումի գործընթացը»:
 
Աւարտին, ներկաները շարք մը հարցումներ ուղղեցին զիրենք մտահոգող նիւթերուն շուրջ, որոնք լուսաբանուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին կողմէ տրուած սպառիչ պատասխաններով: