ՏԱՍԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, 10 Դեկտեմբեր 2015-ին, Լիբանանի մէջ Արժանթինի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Լեհաստանի, Յունաստանի, Չեխիոյ, Ռուսիոյ, Վատիկանի դեսպանները, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Սիկրիտ Քաակ, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանին տեղակալը, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Պէյրութի դիւանագիտական անձնակազմի ղեկավարը, Լիբանանի Արտաքին Գործոց եւ Մշակոյթի նախարարներու ներկայացուցիչները, Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի կեդրոնական…